ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒԸ, Սուրբ Ազգային Ընկերվարական գաղափարական վարդապետութեան դպրոցի ուղափառ ջահակիրներուն հարձակումը կը սաստկաննայ ընդեմ ապազգային Նիոիլեպարլիզմի
Ընկեր Ահարոն Շխրտմեանի հերթական ազգային ոգիով ներշնչուած միտքեր, վայել գաղափարական մտավորականներու
ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻԲՐԵՒ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏ. ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒԸ
Հայաստանի մէջ շարունակուող իշխանութիւն–Եկեղեցի լարուածութիւնը վերջին շաբաթներուն ստացած է աննախադէպ բնոյթ։ Չորս թեմակալ առաջնորդներու ձերբակալութիւնը, եկեղեցական տարածքներու մէջ ոստիկանութեան միջամտութիւնները եւ պետական կառոյցներու ուղղակի մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ ներքին հարցերուն՝ խորացած են մինչեւ համակարգային ճգնաժամ։
Զարգացումները հարցականի տակ կը դնեն ոչ միայն իրաւական պետութեան սկզբունքները, այլեւ կրօնական ազատութիւնները, քաղաքացիական իրաւունքները եւ ընդհանրապէս՝ պետականութեան կենսունակութիւնը։ Հետաքրքիր է, արդեօ՞ք Հայաստանի մէջ վխտացող, այսպէս կոչուած «մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան» կազմակերպութիւնները իրաւա՞մբ չեն նշմարեր իշխանութեան օրինազանցութիւնները